Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս վերաշխուժացում՝ ի նպաստ Հայաստանի եւ հայ գերիներուն

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Լօռան Վոքիէի նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, ԴԵկտեմբեր 2-ին տեղի ունեցած է աշխատանքային հանդիպում մը՝ երեսփոխաններու եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) պատուիրակութեան մասնակցութեամբ։

Հանդիպման ներկայ եղած են CCAF-ի համանախագահներ Մուրատ Փափազեանն ու Արա Թորանեանը, Նատիա Գործունեանը, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը եւ վերլուծաբան Տիգրան Եկաւեանը։

Գլխաւորաբար քննարկուած են հետեւեալ նիւթերը.

  • Հայ գերիներու հարցը. Պատուիրակութիւնը շեշտած է Ազերպայճանի մէջ պահուող հայ քաղաքական եւ ռազմական գերիներու ապօրինի կալանքի խնդիրը։ Երեսփոխանները համաձայնած են վերաշխուժացնել խորհրդարանական ուշադրութիւնը այս հարցին վրայ։
  • Խաղաղութեան պայմանագիր. Մտահոգութիւններ յայտնուած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցուող պայմանագիրին շուրջ, որ կրնայ ըլլալ «պարտադրուած խաղաղութիւն»՝ առանց անվտանգութեան երաշխիքներու։
  • ՖրանսաՀայաստան ռազմավարական գործընկերութիւն. Շեշտուած է պաշտպանութեան, տնտեսութեան եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ աջակցութեան գործնականացման կարեւորութիւնը։

Այս քննարկումներէն ետք, Բարեկամութեան խումբը որոշած է աշխուժացնել խորհրդարանական ջանքերը գերիներու հարցով, ծաւալել Ֆրանսայի ներգրաւումը խաղաղութեան գործընթացին մէջ եւ աւելի յաճախ երկխօսութիւն ունենալ հայ համայնքին հետ։