Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիներուն կը թելադրէ ըստ կարելւոյն արագ լքել Իրանը

 

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իրան այցելող իր քաղաքացիներուն կը թելադրէ ըստ կարելւոյն արագ լքել երկիրը, նկատի ունենալով կամայական ձերբակալութիւններու վտանգը։ 

Նախարարութեան համաձայն՝ Իրան գտնուող ֆրանսացիները կը գտնուին ձերբակալութիւններու եւ անարդար դատավարութիւններու վտանգին առջեւ։

«Այս համածիրին մէջ, Ֆրանսայի Թեհրանի դեսպանատան կարելիութիւնները՝ ձերբակալուած քաղաքացիներուն հիւպատոսական պաշտպանութիւն ապահովելու ուղղութեամբ, խիստ սահմանափակ են»,– նշուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Հոկտեմբեր 7-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: