Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամին կազմակերպած «Ֆոնեթոն 2025»-ը աւարտեցաւ Նոյեմբեր 23-ին՝ արձանագրելով 1,5 միլիոն եւրոյի նուիրատւութեան խոստումներ։
Այս տարուան արշաւի «կնքամայր»-երն էին աշխարհահռչակ երաժիշտներ՝ Աստղիկ եւ Շուշան Սիրանոսեան քոյրերը, որոնց Հիմնադրամը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ իրենց նուիրումին համար։ Անոնք հանդիսացան հիասքանչ դեսպանները ազնիւ դատի մը՝ Հայաստանի սահմանամերձ մարզերուն՝ Գեղարքունիքի, Տաւուշի եւ Սիւնիքի տասնեակ հազարաւոր գիւղաբնակներու կենսապայմաններու բարելաւման։
«Ֆոնեթոն»-ի շնորհիւ կեանքի պիտի կոչուին չափազանց կարեւոր ծրագրեր։ Մասնաւորապէս, պիտի վերանորոգուի Սիւնիքի մէջ 35 քիլոմեթր երկարութեամբ ջրանցք մը, որ վճռորոշ նշանակութիւն ունի մարզի անվտանգութեան եւ զարգացման համար։ Այս ջրանցքը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ ոռոգելու մինչեւ 2800 հեկտար հողատարածք՝ 7 առ հարիւր աւելցնելով Հայաստանի այս ռազմավարական մարզին մէջ մշակուող գիւղատնտեսական տարածքները։ Ծրագրէն ուղղակի պիտի օգտուին աւելի քան 4350 անձեր, իսկ անուղղակի շահառուները աւելի շատ պիտի ըլլան։ Միաւորի արժէքը համեստ է (200 եւրօ/մեթր)՝ բաղդատած ակնկալուող արդիւնքներուն։
Նուիրատւութիւնները թոյլ պիտի տան նաեւ նոր մակարդակի բարձրացնել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու գիւղատնտեսական զարգացումը։ Նախատեսուած է ստեղծել արտադրանքի վաճառքի կամ մշակման միացեալ կարողութիւններ՝ բնակիչներուն համար յաւելեալ եկամուտ ապահովելու նպատակով։ Սա պիտի իրականացուի յատկապէս համագործակցականներու (coopératives), ինչպէս նաեւ պտուղներու պահեստաւորման եւ չորացման միաւորներու ստեղծումով։
Առ այսօր, «Ֆոնեթոն»-ներուն շնորհիւ, Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամը կրցած է աջակցիլ 42.000 ընտանիքի՝ 237 գիւղերու մէջ։ Բաժնուած են աւելի քան 18 միլիոն բանջարեղէնի սածիլ, 600.000 պտղատու ծառ, 700 թոն բարձրորակ սերմնացու, 215 ջերմոց, 400 փեթակ, գիւղատնտեսական սարքաւորումներ, ինչպէս նաեւ ընտիր ցեղի խոշոր եւ մանր եղջերաւոր անասուններ։ 12 գիւղեր ապահովուած են ըմպելի ջուրով։ Արցախէն տեղահանուած 61 ընտանիք վերաբնակուած է եւ ապահովուած՝ գիւղատնտեսական արտադրութեան միջոցներով։ Պարբերաբար կը կազմակերպուին վերապատրաստման դասընթացքներ՝ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մասնագէտներու մասնակցութեամբ։ Շարունակուած է նաեւ Ֆրանսայի եւ Լիբանանի հայկական դպրոցներուն աջակցութիւնը։ Զուգահեռաբար, ստացուած կտակներուն շնորհիւ, Հիմնադրամը կը կառուցէ մանկապարտէզներ, երաժշտական դպրոցներ, արհեստի վարժարաններ, մարզադաշտեր եւ այլն։
Հիմնադրամը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ իր նուիրատուները՝ յատուկ երախտագիտութիւն յայտնելով հարիւրաւոր կամաւորներուն, որոնք զօրաշարժի ենթարկուեցան չորս օր անընդմէջ։ «Ֆոնեթոն»-ը կը շարունակուի. դուք դեռ կրնաք կատարել ձեր նուիրատւութիւնը վճարագրով (chèque) կամ առցանց՝ այցելելով https://dons.fondsarmenien.org/phonethon կայքը (Ֆրանսայի մէջ նուիրատուութիւնները կ՚ենթադրեն 66% հարկային զեղչ)։ ■