Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրունզէ Դովլաթեանի «Բարեւ, ես եմ» ֆիլմը կը ցուցադրուի Գաննի փառատօնին

Ֆրունզէ Դովլաթեանի «Բարեւ, ես եմ» ֆիլմը ընդգրկուած է Գաննի փառատօնի «Դասականներ» (Cannes Classics) բաժնին մէջ եւ կը ցուցադրուի փառատօնի ընթացքին։ 

Հայկական շարժարուեստի ազգային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ 2023-ին իրականացուած է ժապաւէնին թուային վերականգնումը՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ։

«Բարեւ, ես եմ»-ը նկարահանուած է 1965-ին «Հայֆիլմ»-ին կողմէ։ Ան հիմնուած է ֆիզիկոս Արտեմ Ալիխանեանի կենսագրութեան վրայ։