Միացեալ Թագաւորութեան Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի եւ վարչապետի պաշտօնը կը ստանձնէ երկրի Ելեւմուտքի նախկին նախարար 42-ամեայ Ռիշի Սունաք։
Նորընտիր վարչապետին թեկնածութիւնը պաշտպանած է 157 երեսփոխան։ Ան պիտի դառնայ Միացեալ Թագաւորութեան ամէնէն երիտասարդ (1812-էն ի վեր) եւ ծագումով հնդիկ առաջին վարչապետը։
Նշենք, թէ՝ Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ Լիզ Թրաս հրաժարած էր իր ընտրութենէն 45 օր յետոյ։