«Վալտայ» քննարկման ակումբի հաւաքին՝ նախագահ Փութին յայտարարած է թէ՝ «Ռուսաստան երկար տարիներ Հայաստանին առաջարկեց Ղարաբաղի հարցը լուծել 5 շրջանները,– ուրկէ մարդիկ մեկներ էին,– Պաքուին վերադարձնելու միջոցով, սակայն Երեւան գնաց իր ճամբով»։
“Մենք երկար տարիներ հայկական կողմին հետ երկխօսութեան մէջ էինք ու կ՚առաջարկէինք Ղարաբաղի հետ կապուած հարցը լուծել հետեւեալ ձեւով. Հայաստան փաստացի կը տնօրինէր Ազերպայճանի եօթը շրջանները։ Մենք կ՚ըսէինք՝ եկէք շարժինք դէպի կարգաւորում, ահա կայ երկու շրջան, մեծ շրջաններ [զորս կը պահպանէք – Խմբ.]։ Տուեալ փուլի մը կը համաձայնինք ազերպայճանական կողմին հետ․ տուէք 5 շրջանները, ատոնք պէտք չեն, դատարկ են, հոնկէ մարդիկ մեկնած են, ինչո՞ւ ատոնք պահենք, անիմաստ է”,– ըսած է Փութին։
Ան պնդած է, թէ արդար պիտի ըլլար գաղթականները վերադարձնելը եւ այդ մէկը դրական քայլ մը եղած պիտի ըլլար տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ։
“Բայց Հայաստանի ղեկավարութիւնը գնաց իր ճամբով։ Ինչպէս գիտէք, այդ յանգեցուց այն իրավիճակին, որ այսօր ստեղծուած է”,– եզրակացուցած է Ռուսաստանի նախագահը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։