Հոկտեմբեր 29-ին, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հիւրընկալած է Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլանը: Լուրը հաղորդած է Տէր-Պետրոսեանի մամլոյ բանբեր Արման Մուսինեան, Դիմագիրքի իր էջով։
Աւելի քան երկու ժամ տեւած զրոյցը ընթացած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման հեռանկարներուն շուրջ: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Ժիրայր Լիպարիտեան:
Նշենք, թէ Փայլան նոյն օրը հանդիպում ունեցած է նաեւ վարչապետ Փաշինեանի հետ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։