Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբին գլխաւորած դաշինքը յաջողեցաւ խափանել Մեհմետ Էօզի ընտրութիւնը որպէս ծերակուտական

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գլխաւորած դաշինքի,– որուն մաս կը կազմէին Ամերիկայի յունական, հրէական, քրտական եւ այլ համայնքային կազմակերպութիւններ,– յարատեւ ջանքերուն շնորհիւ, կարելի եղած է խափանել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մտերիմ քաղաքական գործիչ, ազգութեամբ թուրք եւ Թուրքիոյ քաղաքացի Մեհմետ Էօզի ընտրութիւնը իբրեւ ԱՄՆ-ու Ծերակոյտի անդամ։ Ան, բացի թրքական իշխող վերնախաւի հետ իր անթաքոյց կապերէն, յայտնի է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումով։ Մեհմետ Էօզի ընտրուիլը իբրեւ ծերակուտական, էական խոչընդոտներ կրնար յարուցել Ամերիկայի հայ համայնքին, նաեւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար։

Հայ դատի Ամերիկայի կեդրոնական գրասենեակը, Հայ դատի Ամերիկայի Արեւելեան ափի յանձնախումբի եւ Փենսիլվանիոյ տեղական յանձնախումբին հետ միասին, ինչպէս նաեւ համայնքային ներգրաւումով, ամիսներ շարունակ պայքարած է ձախողցելու համար Էօզի ընտրութիւնը։ Այդ ամբողջ ընթացքին էական աշխատանք տարուած է ընտրողներու հետ՝ վերջիններուս համար բացայայտելով Էօզի իրական կապերը, քաղաքական ծագումը եւ անհամապատասխանութիւնը ամերիկեան քաղաքական մշակոյթին, լայնօրէն օգտագործուած են ընկերային մետիայի կարելիութիւնները, որուն հետեւանքով Էօզի իրական նպատակներն ու անցեալը ներկայացնող տեսահոլովակը կարճ ժամանակահատուածի մէջ դիտուած է միլիոնաւոր անգամ։

Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ ԱՄՆ-ու Արդարադատութեան նախարարութեան կոչ ուղղած էր հետաքննութեամբ յստակացնելու, թէ արդեօք Էօզի գործունէութիւնը՝ երկիրը արտաքին ազդեցութիւններէն պաշտպանող ամերիկեան օրէնսդրութեան խախտում չէ՞։

Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակն ու համապատասխան շրջանային ու տարածքային յանձնախումբերը Մեհմետ Էօզի դէմ կազմակերպած են նաեւ բողոքի ցոյցեր եւ երթեր։

Փենսիլվանիոյ ընտրութիւններուն նահանգէն ընտրուած է Հայ դատի յանձնախումբի համակրանքը վայելող Ճոն Ֆեթերման, որ յայտնի է իր անթաքոյց հայամէտ վարքով եւ շարունակապէս սատար հանդիսացած է Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի հետապնդած աշխատանքներուն։

Այս յաղթանակին առնչութեամբ Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան յայտնած է․ «Այս պատմական յաղթանակով Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը ԱՄՆ-ու Ծերակոյտը, Փենսիլվանիոյ ժողովուրդն ու ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը պաշտպանեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողէն, որ սերտ կապեր ունի Թուրքիոյ վարչակարգին հետ։ Այս շրջադարձային յաղթանակը աւելի քան մէկ տարուան ռազմավարական ծրագրումի եւ համայնքային ու դաշնային անխոնջ ջանքերու արդիւնքն է՝ սկսեալ հետազօտութիւններէն, ընտրողներու իրազեկումէն, լրասփիւռներու օգտագործումէն, եւ այլ նպատակային ընտրական նախաձեռնութիւններէ: Մենք գոհ ենք տոքթ. Էօզի պարտութենէն եւ անհամբեր կը սպասենք աշխատելու Ճոն Ֆեթերմանի հետ»:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակ

2022 Նոյեմբեր 9