Վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Կողմերը քննարկած են յառաջիկայ Նոյեմբեր 23-ին Երեւանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ-ի երկիրներու ղեկավարներու համաժողովին, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի նախագահին՝ Նոյեմբեր 22-ին Հայաստան կատարելիք այցելութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած շարք մը իրադարձութիւններու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական հարցերու շուրջ գոյացած համաձայնութիւններու իրագործման ընթացքին վերաբերեալ։