Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան Նոյեմբեր 9-ին ընդունուած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհի Եաէլ Պրաուն-Փիվէի կողմէ:
Արշակեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար՝ երախտիքի խօսքեր յղելով ծանր մարտահրաւէրներուն դիմակայող Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ Ֆրանսայի դրսեւորած բացառիկ զօրակցութեան համար: Ան գոհունակութեամբ ընդգծած է Հայաստանի՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած ինքնիշխան տարածքին դէմ Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններուն Ֆրանսայի՝ պետական ամէնէն բարձր մակարդակով հասցէական արձագանգն ու իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ կարեւոր յանձնառութիւնը:
Կողմերը անդրադարձած են սեպտեմբերեան յարձակումներուն, անոնց աշխարհաքաղաքական եւ մարդասիրական հետեւանքներուն, Ազերպայճանի իշխանութիւններու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան, բանակցային գործընթացին:
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը Ալէն Սիմոնեանի անունով Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահուհին պաշտօնական այցով հրաւիրած է Հայաստան: