Վաւերագրական ֆիլմերու արտադրիչ եւ պրպտող Քազըմ Կիւնտողանի գրիչէն լոյս տեսած է դաւանափոխ Հայերու մասին նոր հատոր մը, թրքական «Այրընթը» հրատակչատան կողմէ։ Քազըմ Կիւնտողան անցեալին հրատարակած էր «Տերսիմի կորսուած աղջիկները», «Քահանայի թոռները» խորագրով գիրքերը, որոնք կը պատմէին Տերսիմի շրջանի 1938-ի ցեղասպանութեան ընթացքին որբացած եւ թուրք ընտանիքներու յանձնուած երախաներու տարիներ ետք իրար հանդիպելու ոդիսականը։ Իսկ «Քահանայի թոռները» («Քեշիշին թորունլարը») տերսիմահայ ընտանիքի մը՝ Ցեղասպանութենէ ետք ցիրուցան եղած բեկորներուն աքսորավայրէն վերադառնալով իրենց հայ ինքնութիւնը վերագտնելու պատմութիւնն էր։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»։
«Ալեւիաց(ու)ած Հայեր» գիրքին համար Քազըմ Կիւնտողան տեսակցած է աւելի քան 90 անձերու հետ, որոնցմէ 84-ի պատումները տեղ գտած են այս ուշագրաւ հատորին մէջ։ Անոնցմէ 72-ը ալեւիացուած Հայեր են, իսկ 12-ը ուղղակի Ալեւիներ, որոնք կը պատմեն իրենց ականատես եղած կրօնափոխութեան դրուագներն ու երեւոյթները։ Անցեալին Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի երբեմնի նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու եւ Արամ արք. Աթէշեան իրենց ելոյթներով նշած էին թէ Տերսիմի Ալեւիները հայկական ծագում ունին, որոնք աւելի ուշ իւրացուցած են ալեւի կրօնքը։ Այս ելոյթները այդ ժամանակ որոշ հակազդեցութեան ալ տեղի տուած էին։
Գիրքի եզրափակիչ բաժնին մէջ, հեղինակը մանրամասն ուսումնասիրութեան կ՚ենթարկէ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ Տերսիմի հայութեան բնակավայրերուն եւ թուաքանակին հետ առնչուող հարցերը։