Վերջերս, Լիբանանի հիւսիսային շրջանի Աքքար նահանգին Ալ Քուաշրա գիւղին մէջ բացումը կատարուած է «Ազերպայճանի նահատակներուն» նուիրուած յուշարձանի մը:
Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Ազերպայճանի պաշտօնատարներ։
Արցախի 44-օրեայ պատերազմին երկրորդ տարելիցին նման գործողութիւն մը վիրաւորական է Հայ ժողովուրդին եւ լիբանանահայ համայնքին համար, մա՛նաւանդ որ Լիբանանի քաղաքացի Վիգէն Իւլճէքեան երկու տարի առաջ գերեվարուեցաւ Ազերպայճանի բանակին կողմէ, եւ մինչեւ օրս անասելի պայմաններու մէջ, անարդար մեղադրանքով կը մնայ Պաքուի բանտերը եւ որուն ազատագրման համար Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ջանքերը տակաւին ապարդիւն մնացած են:
Այս կապակցութեամբ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբը Նոյեմբեր 10-ին լիբանանեան լրասփիւռներուն յղած է հաղորդագրութիւն մը` բուռն կերպով դատապարտելով վերոնշեալ յուշարձանի զետեղումը, նշելով որ՝ այդ քայլը կ՚անտեսէ ազերպէյճանական իշխանութիւններուն մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին վրայ վերջին յարձակումները դատապարտող Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը:
«Մարդասպաններն ու ներխուժողները երբէ՞ն ի վեր մեծարման ու յարգանքի արժանի են, եւ արդեօք մարդասպանութիւնը, ոճիրը, մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտումը յարգանքի՞ արժանի են»,– ի միջի այլոց նշուած է Յանձնախումբին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։