6 մեռեալ, 81 վիրաւոր
Կիրակի, Նոյեմբեր 13-ի յետմիջօրէին, Պոլսոյ արեւմտեան ափի կեդրոնական ծանօթ թաղամասերէն Պէյօղլուի մէջ պայթում մը պատահած է, մարդաշատ անցքի մը վրայ։
Ապահովութեան տեսախցիկներու արձանագրութեանց ալ օգնութեամբ՝ շուտով հաստատուած է, որ պայթումը ամենայն հաւանականութեամբ հետեւանք է ահաբեկչական արարքի մը եւ հեղինակն ալ կին մըն է։
Նոյն իրիկունը հաղորդուած գրեթէ վերջնական հաշուեկշիռի մը համաձայն՝ կար 6 մեռեալ եւ 81 վիրաւոր, ոմանք՝ ծանր վիճակի մէջ։ Ոչինչ դեռ ստոյգ չըլլալով հանդերձ՝ հայեացքները ուղղուած էին քրտական PKK-ին։