Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մինսքի խումբի ռուս նախագահին Հայաստան այցը

Նոյեմբեր 14-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման աջակցելու հարցով Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը:

Վարչապետը նշած է, որ ինչպէս արդէն հրապարակաւ յայտարարած է, Հայաստան կը պաշտպանէ ռուսական կողմին անցեալ Օգոստոսին ներկայացուցած առաջարկները, որոնք կրնան Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ հետագայ բանակցութիւններու հիմք հանդիսանալ: 

Զրուցակիցները քննարկած են Սոչիի մէջ Հոկտեմբեր 31-ին տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի առաջնորդներու եռակողմ հանդիպման արդիւնքներուն, հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին ու Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին հետ կապուած հարցեր: