Իսրայէլի կառավարութիւնը ողջունած է իր երկրին մէջ Ազերպայճանի դեսպանատուն բանալու որոշումը։ Իսրայէլի պաշտօնէն հեռացող վարչապետ Եաիր Լափիտ Թուիթըրի իր էջին գրառումով Պաքուի սոյն որոշումը «պատմական» որակած է։
«Ազերպայճանը Իսրայէլի կարեւոր գործընկերն է։ Այս նշանակալից որոշումը կ՚ընդգծէ երկու պետութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնները»,– գրած է ան եւ շնորհակալութիւն յայտնած Ազերպայճանի նախագահին կայացուցած որոշումին համար։
Նշենք, որ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալու Պաքուի որոշումը դիպուած մը չէ, այլ մաս կը կազմէ թուրք-ազերական հասարակաց քաղաքականութեան։ Այնպէս կը թուի թէ՝ բացի տեսանելիէն, վարագոյրներու ետին ալ սերտ գործակցութիւն կ՚ընթանայ իսրայէլեան եւ թուրք-ազերական ճակատներուն միջեւ։ Մինչ Թուրքիա տարիներէ ի վեր խզած էր դիւանագիտական իր յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ, եւ երկու երկիրներու միջեւ լարումը որոշ պահերու հասած էր գագաթնակէտին, ներկայիս սառերը հալած ըլլալ կը թուին։ Ատոր լաւագոյն ապացոյցն ալ այն է, որ Թուրքիա Նոյեմբեր 12-ին Իսրայէլի մէջ նոր դեսպան նշանակեց։