Պաքու հակառուսական արշաւ սկսած է
Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան 24TV-ի հաղորդման ընթացքին յայտնած է, թէ Ռուբէն Վարդանեանի հանդէպ Ազերպայճանի հարուածները ուղղուած են Ռուսաստանի դէմ։ “Ի հարկէ, նրանք պետական մակարդակով ոչինչ չեն ասում, բայց առանձին գործիչների, վերլուծաբանների միջոցով հակառուսական մեծ արշաւ են սկսել”,– նշած է նախարարը եւ աւելցուցած.- “Ռուսաստանի հետ որեւէ գաղտնի օրակարգ չկայ, Մոսկուան համաձայն է, որ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորուեն, միաժամանակ հասկանալով, որ Արցախի հարցը հիմա բարդ է լուծել, այն պէտք է թողնել ապագային, Ադրբեջանն էլ փորձում է առիթից օգտուել, բայց այս մօտեցումը պէտք է սկզբունքային լինի մեզ համար”:
Անդրադառնալով Ալիեւի յայտարարութեան, թէ Պաքուի համար անընդունելի է, որ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ նշուի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը, Դաւիթ Բաբայեան յայտնած է, որ Ազերպայճանի ղեկավարը շատ բան կրնայ ըսել, բայց եթէ Հայաստան ընդունի անոր ըսածները, ապա մենք, իբրեւ ժողովուրդ, կը դադրինք գոյութիւն ունենալէ։ “Մենք պէտք է այս հարցում սկզբունքօրէն պաշտպանենք մեր շահը”,– եզրափակած է Բաբայեան։