Կորիւն Ափրիկեան, իր բեմագրութեամբ, Ժան Պլեզ Ճիանի փաստագրումներով եւ Քիւնկէօն Փարքի գծագրութիւններով վերջերս լոյս տեսած «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւն մը» (« Une histoire du Génocide des Arméniens ») ֆրանսերէն պատկերաշար վէպը ներկայացուցած է Ռենսիի Դպրոցասէր վարժարանի 3-րդ եւ 4-րդ դասարաններու աշակերտութեան։ Այս առթիւ, հեղինակը շնորհակալութիւն կը յայտնէ վարժարանի տնօրէնութեան եւ կը շնորհաւորէ աշակերտները իրենց դիպուկ հարցումներուն համար։