Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան թուիթըրեան իր էջով յայտարարած է, թէ Արցախի իշխանութիւնները պատրաստ են բանակցելու Ազերպայճանի իշխանութիւններուն հետ, սակայն կարեւոր է, որ քննարկուելիք նիւթերը եւ միջազգային ձեւաչափը նախապէս որոշուին։
«Արցախի ներկայացուցիչը պէտք է նշանակուի մի՛այն մեր իշխանութիւնների կողմից: Մենք շփումներ ունենք միմեանց (Արցախ-Ազերպայճան – «ՆՅ») հետ, բայց միայն մարդասիրական փոխադարձ կարիքների համար»,– գրած է Բեգլարեան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։