Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնած է, թէ Նոյեմբեր 23-ին Երեւանի մէջ նախատեսուած է նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առանձին հանդիպումը։
Նշենք, թէ նոյն օրը Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) վեհաժողովը։