Search
Close this search box.

Ազերպայճանի իշխանութիւնները Արցախի մէջ «յատուկ գործողութի՞ւն» կը նախապատրաստեն

Ազերպայճանի իշխանութիւնները կառավարամէտ լրասփիւռներու միջոցով ազդարարած են Արցախի մէջ «յատուկ գործողութիւն» իրագործելու մասին։ Այդ ծրագրերու վերաբերեալ «Ո՞վ՝ Ազերպայճա՞նը, թէ՞ Ռուսաստանը պիտի զինաթափէ Ղարաբաղի մէջ անօրինական զինուած կազմաւորումները» խորագրեալ յօդուածը հրապարակած է haqqin.az լրասփիւռը։

Ստորեւ՝ այդ գրութենէն կը մէջբերենք հատուածներ.

«Ստիպուած ենք արձանագրելու, որ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն աւելի քան երկու տարի յետոյ եւ ի հեճուկս 2020 Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ համաձայնագրին՝ ջախջախուած հայկական բանակի մնացորդները ինչպէս անցեալին,  ներկայիս ալ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտիին մէջ են։ Եւ հակառակ անոր, որ Պաքուի դիւանագիտական ճնշման տակ Հայաստան բազմիցս յայտարարած է, թէ Ղարաբաղէն ամբողջովին դուրս հանած է կանոնաւոր բանակի մնացորդները, կան բազմաթիւ փաստեր, որոնք կ՚ապացուցեն, որ Հայաստանի քաղաքացիները ցարդ կը ծառայեն ազերպայճանական տարածքին գործող անօրինական զինուած կազմաւորումներու շարքերուն մէջ, “ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակ”-ի հովանիին տակ։

Միաժամանակ, ազերպայճանական լրասփիւռները կը հրապարակեն ուժային կառոյցներէն ստացուած տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն՝ այդ անօրինական կազմաւորումները կը պատրաստուին ռուսական “Վակներ” մասնաւոր ռազմական ընկերութեան հրահանգիչներու կողմէն, իսկ ռուս խաղաղապահները իրենց երթեւեկութեան միջոցներով անոնց կը հասցնեն զէնք եւ զինամթերք։ Այլ խօսքով՝ Հայերու անօրինական զինուած խմբաւորումը՝ թիւով շուրջ 10-15 հազար, տակաւին կը մնայ սպառնալիքի եւ լարուածութեան աղբիւր Ղարաբաղի լեռնային հատուածին մէջ…

(…) Հասկնալի է, որ Ազերպայճան ո՛չ մէկ պարագայի իր տարածքին պիտի արտօնէ ապառազմականացուած գօտիի ստեղծում եւ, հետեւաբար, թոյլ չի տար, որ ռուս խաղաղապահներու թիւը աւելնայ։ Պաքուի բազմաթիւ յայտարարութիւններուն համաձայն՝ առանց անօրինական կազմաւորումներու անվերապահ զինաթափման անիմաստ է բանակցիլ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան մասին։

Բայց նոյնիսկ եթէ այս հարցով համաձայնութիւն կայանայ, ո՞վ պիտի զինաթափէ անօրինական կազմաւորումները։ Հայաստա՞նը, որ բառիս բուն իմաստով նոյն լեզուով կը խօսի ղարաբաղցի անջատողականներուն հետ։ Թէ՞ Ռուսաստանը, որ, վկայակոչելով խաղաղապահներու լիազօրութեան ոչ-յստակ ձեւակերպումը, սերտօրէն կը համագործակցի հայ անջատողականներուն հետ, եւ նոյնիսկ կը զինէ զանոնք։

Այլ խօսքով՝  ստեղծուած է փակուղային իրավիճակ մը եւս, որու պարագային Ազերպայճան կը մնայ միակ կողմը, որ շահագրգռուած է այսպէս կոչուած “ԼՂՀ բանակի” լիակատար եւ անվերապահ զինաթափումով։ Իսկ այդ կը նշանակէ, որ յատուկ գործողութիւնը՝ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտիին մէջ մտնող ամբողջ տարածքին, անխուսափելի է»։

Ահաւասիկ այսպէս բացէ ի բաց, Ազերպայճանի իշխանութիւնները կ՚ազդարարեն Հայերու ցեղային զտումին մասին։ Միջազգային հանրութեան, յատկապէս Ազերպայճանի հետ «բարեկամական եւ գործընկերային» տրամադրուած «քաղաքակիրթ Արեւմուտքի»՝ յանձինս Եւրոպական Միութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, ամենայն թոյլտւութեամբ…։