Յայտնապէս, ընդառաջելով Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի թելադրութիւններուն (տե՛ս. ստորեւ)՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 23-ի հրամանագրերով 9 նախարարներ ազատ կացուցուած է իրենց պաշտօններէն։
Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքէջին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ այս կապակցութեամբ նշուած է.
Միքայէլ Հայրիեան ազատ կացուցուած է Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնէն. զինք Առժամաբար կը փոխարինէ փոխնախարար Արթուր Օհանջանեան:
Նորայր Մուսայէլեան ազատ կացուցուած է Գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնէն: Նախարարի առաջին տեղակալ Տիգրան Առստամեան առժամաբար կը փոխարինէ Մուսայէլեանը։
Մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան եւ մարզանքի նախարարուհի Անահիտ Յակոբեանին առժամաբար կը փոխարինէ փոխնախարարուհի Յասմիկ Մինասեան:
Ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարար Արմինէ Պետրոսեանի պարտականութիւնները առժամաբար կը վարէ նախարարի առաջին տեղակալ Վահրամ Առաքելեան:
Հայկ Խանումեան ազատ կացուցուած է Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարի պաշտօնէն. զինք առժամաբար կը փոխարինէ նախարարի առաջին տեղակալ Վարդան Բեգլարեան:
Արդարադատութեան նախարարի առժամեայ պաշտօնակատար նշանակուած է ներկայ նախարար Ժիրայր Միրզոյեան:
Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան նախարարի առժամեայ պաշտօնակատար նշանակուած է:
Քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Սարգսեան եւս պաշտօնազրկուելով, առժամաբար պիտի վարէ նոյն պաշտօնը։
Տնտեսութեան նախարար Վահրամ Բաղդասարեանին նոյնպէս յանձնուած են նախարարի առժամեայ պաշտօնակատարի պարտականութիւնները։
Այլ մանրամասնութիւններ տակաւին չեն հաղորդուած:
Նշենք, թէ Արցախի կառավարութեան մէջ կը գործեն 11 նախարարութիւններ։ Վերոնշեալներէն բացի կան նաեւ Պաշտպանութեան եւ Ներքին գործոց նախարարութիւնները։
Պետական նախարարին մեկնաբանութիւնը
Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Դիմագիրքի իր էջին կատարած գրառումով մեկնաբանած է նախարարներուն պաշտօնանկութեան առնչուող որոշումը։
«Ինչո՞ւ եմ այդպէս որոշել:
Իմ Արցախ գալու պատճառը, ինչպէս բազմիցս ասել եմ, ստեղուած ճգնաժամային իրավիճակն է: Իրավիճակն իսկապէս ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԼՈՒՐՋ է: Սա մեզնից պահանջում է բոլորովին նոր կառավարում, արտասովոր լուծումներ, ճկունութիւն:
Ամենայն յարգանքով եմ վերաբերւում բոլոր նախարարներին, որոնցից ոմանք պաշտօնն ստանձնել են յետպատերազմական բարդ շրջանում ու ամէն ինչ արել՝ այդ փուլը յաղթահարելու համար: Շնորհակալ եմ նրանց, գնահատում եմ նրանց անցած ճանապարհը: Վստահ եմ, որ նրանք պէտք են լինելու Արցախին:
Ես խօսել եմ նաեւ բոլոր ժամանակաւոր պաշտօնակատարների հետ եւ յանձնարարել, որ նրանք ամենայն պատասխանատւութեամբ վերաբերուեն իրենց աշխատանքին՝ ապահովելով կառավարութեան գործունէութեան անխափանութիւնը։ Արդէն սկսել եմ քննարկումներ նոր նախարարների նշանակման հարցով՝ հետեւեալ սկզբունքների հիման վրայ.- արհեստավարժութիւն, խմբային աշխատանք, թափանցիկութիւն, հետեւողականութիւն ու կարգապահութիւն, ժողովրդին ծառայելու պատրաստակամութիւն, պետական շահը նեղ անձնականից վեր դասելու գիտակցութիւն եւ, ի հարկէ, ամենակարեւորը՝ սէր ու նուիրուածութիւն հայրենիքի նկատմամբ»,– գրած է Պետական նախարար Ռ. Վարդանեան։