Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կլետիս Պերեճիքլեան հրաժարած է վարչապետի պաշտօնէն

Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալլէս նահանգի վարչապետուհի Կլետիս Պերեճիքլեան յայտնած է, թէ կը հրաժարի իր պաշտօնէն:

Այս մասին հրապարակած յայտարարութեան մէջ ան տուած է հետեւեալ բացատրութիւնները.-

«Ես ստիպուած էի մէկ գիշերուան մէջ ծայրայեղ դժուար որոշում կայացնելու, բայց պարտաւորուած եմ այդ ընել Նոր Հարաւային Կալլէսի բնակիչներուն նկատմամբ իմ ունեցած սիրոյ եւ յարգանքին եւ վարչապետի պաշտօնին նկատմամբ իմ ունեցած մեծ յարգանքին պատճառով»,- ըսած է Պերեճիքլան:

Ան աւելցուցած է, թէ Եղծանման դէմ պայքարի անկախ յանձնաժողովը յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ՝ հաղորդելով, որ հետաքննութեան կը ձեռնարկէ Խորհրդարանի նախկին մէկ անդամին՝ Վակայի կողմէ իրեն հասցէագրած մեղադրանքներուն համար:

«Ես յստակ կը յայտարարեմ, որ միշտ գործեցի ամենաբարձր աստիճանի պարկեշտութեամբ: Պատմութիւնը ցոյց պիտի տայ, որ ես միշտ կատարած եմ իմ պարտականութիւնները՝ ի շահ Նոր Հարաւային Կալլէսի բնակիչներուն, որոնց ծառայելու պատիւը ունեցայ»,- ըսած է Պերեճիքլեան:

Ան յիշեցուցած է, որ ինք բազմիցս կրկնած է, թէ նոյնիսկ եթէ իր նախարարներէն ոեւէ մէկը մեղադրուի այնպիսի բանի մը համար, որ իրաւապահներու հետաքննութիւնը կը թելադրէ, ինք պաշտօնը պիտի թողէ մինչեւ քննութեան աւարտը: Պերեճիքլեան աւելցուցած է, որ տրամաբանական էր նոյն չափանիշը կիրարկել նաեւ իր համար՝ որպէս վարչապետ:

«Ինծի համար ցաւալի է յայտարարել, որ այլընտրանք չունիմ, քան վարչապետի պաշտօնէն հրաժարիլը»,- ըսած է ան: