«Մենք կը ստեղծենք կենսունակ համայնքներ» խորագրի ներքոյ նոյեմբեր 24-ին տեղի ունեցած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 25-րդ թելեթոնին,– որ դեռ կը շարունակուի,– ներկայի դրութեամբ արդէն հանգանակուած է 11.003.439,51 տոլար:
Հիմնադրամի գրասենեակէն կը հաղորդեն, թէ դրամահաւաք–միջոցառումները դեռ կը շարունակուին եւ վերջնական արդիւնքները պիտի ամփոփուին տարեվերջին:
«Թելեթոն 2022»–ի շրջանակին մէջ Հայաստանէն եւ Արցախէն հանգանակուած է 1.000.280,51 տոլար, ԱՄՆ–ու տեղական մարմինը հանգանակած է 5.000.250 տոլար, Ֆրանսայի տեղական մարմինը՝ 3.284.000 տոլար (Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի ֆոնեթոնը), Մեծն Բրիտանիոյ տեղական մարմինը՝ 700.000 տոլար, Գանատայի (Թորոնթօ) տեղական մարմինը՝ 547.272 տոլար. նուիրատւութիւններ կատարուած են նաեւ հետեւեալ երկիրներէն.- Գանատա (Մոնրէալ)՝ 204.000 տոլար, Պրազիլ՝ 100.000 տոլար, Զուիցերիա՝ 80.000՝ տոլար, Գերմանիա՝ 52.660 տոլար, Արժանթին՝ 25.000 տոլար, Աւստրիա՝ 6.144 տոլար, Ռումանիա՝ 3.833 տոլար:
Այս տարուան թելեթոնի միջոցները պիտի յատկացուին հայրենիքի սահմանային համայնքներու առողջապահական, ընկերային, կրթական, մշակութային, ենթակառոյցներու վերականգնման, ինչպէս նաեւ այդ համայնքներու զարգացման ուղղուած այլ ծրագրերու գանձատրման:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։