Զուիցերիոյ կառավարութիւնը Նոյեմբեր 23-ին հաստատած է Հայաստանին որպէս օգնութիւն՝ 960.000 զուիցերական ֆրանքի (մօտաւորապէս նոյնքան եւրօ) յատկացումը, աջակցելու համար սահմանամերձ համայնքներու մէջ վերջին ռազմական բախումներու հետեւանքներու մեղմացման։
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ այս մասին կը յայտնեն ՄԱԿ-ի Համաշխարհային հաղորդակցութեան վարչութենէն, մանրամասնելով, որ Զուիցերիա՝ գործակցելով ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրին (WFP) հետ, Զուիցերիոյ Զարգացման եւ համագործակցութեան գործակալութեան (SDC) միջոցով՝ «Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներու տոկունութիւն եւ տնտեսական վերականգնում – REBCA» ծրագրի շրջանակին մէջ անյապաղ մարդասիրական եւ երկարաժամկէտ տնտեսական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերուն։
12 ամսուան վրայ տարածուող REBCA մարդասիրական ծրագիրը կը պաշտպանէ եւ կը վերականգնէ Հայաստանի տարածքին սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ ապրող մարդոց ապրուստի պայմանները եւ տնտեսական միջոցներ կը տրամադրէ ճգնաժամային իրավիճակներու նկատմամբ դիմադրողականութիւնը բարելաւելու համար: Ծրագրի թիրախին կը գտնուին Վարդենիս (Գեղարքունիք), Սիսիան (Սիւնիք) եւ Ջերմուկ (Վայոց Ձոր) խոշորացուած համայնքներու՝ հակամարտութենէն տուժած 15 սահմանամերձ բնակավայրեր, որոնց աւելի քան 1000 տուներ ուղղակի տնտեսական աջակցութիւն պիտի ստանան։
Նշենք որ ծրագրին կ՚աջակցին նաեւ Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարութիւնը եւ ընտրուած թիրախային տարածաշրջաններու տեղական իշխանութիւնները: ■