Նոյեմբեր 28-ին, Փարիզ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ, Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի՝ Մայրցամաքային Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ հարցերու խորհրդական Իզապէլ Տիւմոնի, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան տնօրէն Ֆրետերիք Մոնտոլոնիի, Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարարութեան Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարական ծրագրաւորման վարչութեան պետի տեղակալ Քրիսթոֆ Լիւքայի եւ Մինսքի խումբի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյի հետ:
Հանդիպումին զրուցակիցները միտքերու փոխանակում ունեցած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ։
Համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու տարբեր բնագաւառներու մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած երկխօսութիւնը։