Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) Հարաւային Ֆրանսայի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը կը դատապարտէ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30-ի երեկոյեան Մարսիլիոյ մէջ տեղի ունեցած Մարսիլիոյ Օլեմփիք եւ Պոլսոյ Կալաթասարայ խումբերու միջեւ մրցումին՝ թուրք համակիրներու անընդունելի կեցուածքը։
Հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի, թէ Թուրքերը Ֆրանսայի մէջ արգիլուած «Գորշ գայլեր» ազգայնամոլ ու ցեղապաշտ կազմակերպութեան նշաններով եւ 44-օրեայ պատերազմի նախայարձակ թուրքեւազէրի դրօշին պարզումով վերյիշեցուցին Արցախի տխուր պատերազմն ու անոր 5000 զոհերը։
«Նման կեցուածքներ տեղ չունին մարզադաշտէ մը ներս եւ յամենայն դէպս կը մղեն մտածելու թէ՝ սպառնալիքը միշտ առկայ է ֆրանսական հողին վրայ։
Ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանէնէն կը պահանջենք նախաձեռնել անհրաժեշտ միջոցներու, որպէսզի Ֆրանսայի հողին վրայ չկրկնուին հայ համայնքին նկատմամբ Լիոնի մէջ պատահած յարձակումները»,- տողերով կ՚աւարտի հաղորդագրութիւնը։
Նշենք, որ երեսփոխանուհի Անն-Լօռանս Փեթէլ եւս նման բովանդակութեամբ նամակ մը յղած է Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարարին, անկէ պահանջելով խստագոյն ձեւով վերաբերիլ «Գորշ գալեր»-ու նշանը ըրած ենթականերուն հետ։