Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան ու Հունգարիա կ՚որոշեն վերահաստատել երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները

Դեկտեմբեր 1-ին, Լեհաստանի Լոծ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի նախարարական համաժողովի շրջանակէն ներս հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Հունգարիոյ Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեան և Փեթեր Սիարթօ։ Կողմերը ընդգծած են հայ ու հունգարացի ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմամշակութային խոր կապերն ու ընդհանուր քրիստոնէական ժառանգութիւնը, եւ այս ենթախորքին վրայ՝ Հայաստանի ու Հունգարիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման կարեւորութիւնը։

Զրուցակիցները յատկապէս շեշտած են պաշտօնապէս իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւն ճանչցուած Հունգարիոյ հայ համայնքին դերը, որ կը հանդիսանայ երկու երկիրները իրարու կապող կամուրջներէն մէկը։ Նախարարները համաձայնած են վերահաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւնները՝ հիմնուած փոխադարձ վստահութեան և միջազգային իրաւունքի նկատմամբ յարգանքի վրայ։ Առ այդ երկու կառավարութիւնները այցելու դեսպաններ (առանց նստավայրի) կը նշանակեն՝ ուսումնասիրելու յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները, յատկապէս առեւտուրի, մշակոյթի, կրթութեան եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ։ Յառաջիկայ օրերուն կը սկսին դիւանագիտական եւ վարչական ընթացակարգերը:

Նշենք, թէ Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջև դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզուեցան 2012-ին, Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի որոշումով: Պատճառը՝ Ազերպայճանին յանձնումն էր Հունգարիոյ մէջ իր պատիժը կրող Ռամիլ Սաֆարովի՝ այդ գազանաբարոյ արարածին, որ 2004-ին Պուքրէշի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած ատեն կացնահարած էր։