Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄՈՍԿՈՒԱ – Ալէն Սիմոնեան.– «Մեզի համար սկզբունքային է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատւութեան գօտիի հաստատումը»

 

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Դեկտեմբեր 5-ին ելոյթ ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի 15-րդ լիագումար նիստին:

Ան մասնաւորապէս նշած է, թէ վերջին տարիներուն աշխարհաքաղաքական հարթութեան վրայ կ՚ուրուագծուին քաղաքական իրողութիւններ, որոնք յառաջիկային կը նախանշեն միջազգային յարաբերութիւններու համակարգի վերափոխումը, եւ այդ համածիրին մէջ է, որ տարածաշրջանային անվտանգութեան կազմակերպութիւնները պէտք է ա՛լ աւելի մեծ աշխուժութիւն ցուցաբերեն: 

Սիմոնեան ընդգծած է, որ վերջին նիստէն ի վեր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակը աւելի վատթարացած է, տեղի կ՚ունենան իրադարձութիւններ, որոնք կը խաթարեն կայունութիւնն ու տարածաշրջանային անվտանգութիւնը: Ան մանրամասնած է Սեպտեմբերին Հայաստանի տարածք ներխուժած ազերպայճանական բանակի ռազմական գործողութիւնները՝ յիշեցնելով, որ յարձակման նոր փուլին Ազերպայճանցիները բռնագրաւած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն որոշ հատուածներ: Սիմոնեան շեշտած է, որ Պաքուի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը կը վկայէ այդ երկրի ծաւալապաշտական հետագայ նկրտումներուն մասին: “Այս բարդ իրավիճակին մէջ Հայաստանի համար չափազանց կարեւոր է ՀԱՊԿ-ի մեր գործընկերներու ռազմական եւ քաղաքական աջակցութիւնը, եւ հայկական կողմը նախանշած է իր ակնկալիքները, անոնք են՝

1. Կազմակերպութեան յստակ քաղաքական գնահատականը՝ հայ-ազերպայճանական սահմանին Սեպտեմբերեան լարումին վերաբերեալ,

2. Ազերպայճանի յարձակումէն ետք Հայաստանի հողային ամբողջականութեան վերականգնման ճանապարհային քարտէսի մը որդեգրումը”,– ըսած է Ազգային ժողովի նախագահը:

Ան ընդգծած է. “Այսօր երրորդ երկրի զինուած ուժերը կը գտնուին ՀԱՊԿ-ի պատասխանատւութեան գօտիին մէջ, եւ ինչպէ՛ս կարելի է այդ բացատրել կամ մեր գործընկերները ինչպէ՛ս կը տեսնեն այս իրավիճակի շարունակութիւնը, երբ գրեթէ ամէն օր Ազերպայճան կը խախտէ հրադադարը, որու հետեւանքով Հայեր կը զոհուին”։

Սիմոնեան անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին։

“Այսօր մեր նպատակն է պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը: Ազերպայճան սկսած է յայտարարել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը այլեւս գոյութիւն չունի, ինչպէս նաեւ գոյութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնակչութիւնը: Վերջերս, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն ռուս խաղաղապահներէն պահանջած էր չօգտագործել Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը եւ հայկական տեղանունները: Աւելի՛ն, մենք կը տեսնենք ազերպայճանական կողմի մտադրութիւնը՝ փակել Լաչինի միջանցքը: Լաչինի միջանցքը Լեռնային Ղարաբաղի Հայերուն կենսական ապահովութեան համար մարդասիրական նշանակութիւն ունեցող մի՛ակ լիարժէք ճանապարհն է”,– յայտնած է Ալէն Սիմոնեան:

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ Հայաստանի ջանքերն ու իրականացուած քայլերը գործնականին մէջ կը հաստատեն Հայաստանի յանձնառութիւնը հակամարտութեան առնչուող բոլոր հարցերու խաղաղ կարգաւորման, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման հոլովոյթին մէջ: