Պաքուի վարչակարգին կողմէ Դեկտեմբեր 3-ին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի փակումը, Ազերպայճան-Իրան սահմանին տեղի ունեցող թուրք-ազերպայճանական ռազմափորձերը, Ազերպայճան-Ռուսաստան բարձր մակարդակի բանակցութիւնները թերեւս պէտք է դիտարկել մէկ ընդհանուր հարթութեան վրայ։ Անոնք ուղղակի կը վերաբերին ազերպայճանաթրքական «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ծրագրի իրականացման և ատոր հետ կապուած «խոչընդոտներու» յաղթահարման։
Առ այդ, «միջանցքի ծրագրին» առնչուող դերակատարներէն իւրաքանչիւրին՝ Թուրքերը համապատասխան ուղերձ կը յղեն.
1. Հայկական կողմին՝ Լաչինի միջանցքի փակման եւ Արցախի շրջափակման սպառնալիք։
2. Իրանին՝ համաթրքական ծրագրերու իրականացումը խոչընդոտելու պարագային՝ թուրք-ազերպայճանական միատեղ պատասխան։
3. Ռուսաստանին՝ «միջանցքի» հայկական հատուածին մէջ Մոսկուայի կարեւոր դերակատարութիւն, բացի ատկէ՝ նաեւ Ռուսաստանի շահերէն բխող բազմաշերտ համագործակցութեան տարբեր կարելիութիւններ՝ յատկապէս աշխարհաքաղաքական բարդ իրողութիւններու պայմաններուն մէջ։