Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – «Հիւրրիէթ»– « Մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջև կը սկսին օդային բեռնափոխադրումները

Հայաստանի ու  Թուրքիոյ միջեւ ուղղակի թռիչքներու վերսկսումէն ետք, այժմ աշխատանքներ կը կատարուին օդային բեռնափոխադրումներ սկսելու ուղղութեամբ: Լուրը կը հաղորդէ թրքական իշխանամերձ «Հիւրրիէթ» թերթին կայքը:

Աղբիւրին համաձայն՝ բացի ատկէ, մասնագէտները հայ-թրքական սահմանին գտնուող Ալիճան անցակէտը բանալու համար թեքնիք  աշխատանքներ կը կատարեն: 

Թրքական թերթը տեղեկացուցած է, թէ օդային բեռնափոխադրումներ սկսելու համար իրականացուող աշխատանքները արդէն իրենց աւարտին կը մօտենան եւ երկու երկիրներու միջեւ օդային բեռնափոխադրումները կը սկսին նախքան 2022-ի աւարտը։ Առ այդ թրքական ապրանքները ուղղակի կը հասնին Հայաստան: 

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացի միւս կարեւոր հարցերէն է երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար հայ-թրքական ցամաքային սահմանը անցնելու արտօնութիւնը:

Սակայն, ըստ աղբիւրին, այդ առումով կան խնդիրներ: Մասնաւորապէս հայ-թրքական սահմանին գտնուող 128 մեթր երկարութիւն ունեցող կամուրջը կարիք ունի վերանորոգման: Այդ հարցով քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած է հանդիպում՝ փորձագէտներու մակարդակով։ Սակայն այս ուղղութեամբ յստակ քայլերը կ՚ակնկալուին աւելի ուշ՝ նկատի ունենալով եղանակային խիստ պայմանները: