Դեկտեմբեր 8-էն 9, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Համլետ Բատիկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Պրիւսէլի մէջ մասնակցած է ՕԹԱՆ-ի միջազգային համաժողովին։ Ներկայ եղած են եղծանման դէմ պայքարի, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան պատասխանատու կառոյցներու ղեկավարներ, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ փորձագիտական կեդրոններու ներկայացուցիչներ։ Քննարկուած են նշեալ բնագաւառներու մէջ առկայ խնդիրները եւ անոնց լուծման համակարգային մօտեցումները։