Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄԱՐՍԻԼԻԱ – Յուզիչ ընդունելութիւն վերապահուած՝ Արայիկ Յարութիւնեանին

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կազմուած՝ Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանէն եւ նախագահի գրասենեակի երկու կցորդներէն, Դեկտեմբեր 9-ին հասաւ հարաւային Ֆրանսա, ուր նախատեսուած էին յաջորդական կարեւոր չորս հանդիպումներ։ Պատուիրակութեան անդամները նախ որպէս պատուոյ հիւրեր ընդունուեցան, Պուշ-տիւ-Ռոնի Նահանգային խորհուրդին մէջ, անոր նախագահուհիին՝ Մարթին Վասալի կողմէ։ Նշենք թէ Յարութիւնեանի պատուիրակութեան կ՚ընկերանային Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Մարսիլիոյ մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշ, Մարսիլիոյ մէջ Հայաստանի հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, ինչպէս նաեւ Հարաւային Ֆրանսայի CCAF-ի համանախագահներ Օռոր Պրիւնա, Ժիւլիէն Հարունեան եւ Ազատ Պալալաս-Գազանճեան։

Մարթին Վասալ ջերմօրէն ողջունելէ եւ բարի գալուստ մաղթելէ ետք պատուիրակութեան անդամներուն, Արցախի նախագահին խնդրանքով՝ բացատրութիւններ տուաւ իր նախագահած կառոյցի դերին ու իրաւասութիւններուն մասին։

Կարճ հիւրասիրութենէ մը ետք, տեղի ունեցաւ Նահանգային խորհուրդի հանրային նիստը, ուր Մարթին Վասալ իր կողքը նստելու հրաւիրած էր Արայիկ Յարութիւնեանը։

Խորհուրդի նախագահուհին յայտարարելէ ետք, թէ իրենց համար մեծ պատիւ է ընդունիլ բարձրաստիճան նման անձնաւորութիւն, յիշեցուց, որ Արցախի ներկայի իրավիճակը աւելի քան մտահոգիչ է։ Ան խստօրէն դատապարտեց ազերպայճանական զազրելի բոլոր արարքներն ու  ստոր միտումները, որոնք ծանօթ են բոլորիս, յայտնեց թէ ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան սկզբունքներուն դաւանող բոլոր Ֆրանսացիները Արցախի կողքին են, յայտնելով՝ անսասան աջակցութիւն Արցախին եւ անոր ժողովուրդին։   

Վասալ անդրադարձաւ նաեւ Մարսիլիոյ հայ համայնքի պատմութեան, անոր՝ քաղաքի զարգացման ունեցած մեծ ներդրումին մասին։ Ան խօսեցաւ նաեւ իր նախագահած նահանգին՝ Հայաստանի եւ Արցախի հետ տարիներէ ի վեր տեւող գործակցութեան զանազան ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման եւ Հայաստանին աջակցելու պահանջով բազմաթիւ միջնորդութիւնները, զորսվերջերս միաձայնութեամբ քուէարկեցին Նահանգային խորհուրդն ու  Մեթրոփոլը:

Ապա, Արայիկ Յարութիւնեան խօսք առնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Մարթին Վասալին եւ Խորհուրդին՝ Արցախի մէջ կատարուող բազմաթիւ ջանքերուն ու գործունէութեանց համար։

Նախագահը յայտնեց Արցախի ժողովուրդի երախտագիտութիւնը Ֆրանսային եւ յա՛տկապէս ֆրանսական այն համայնքներուն, որոնք կը զօրակցին Արցախին։

Ան ծանրակշիռ եղանակով խօսեցաւ 44-օրեայ պատերազմի աղէտալի հետեւանքներուն մասին, նիստի մասնակիցներուն յատուկ ուշադրութեան յանձնելով հայկական հազարամեայ կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան՝ Ազերիներու կողմէ զանգուածային ոչնչացումը։

Գիտակցելով Արցախի ապագային սպառնացող լուրջ վտանգներուն ու գրգռութիւններուն՝ Արայիկ Յարութիւնեան ըսաւ, որ Արցախցիները կը դիմադրեն ամէնօրեայ դժուարութիւններու եւ կը շարունակեն ապրիլ՝ վերակառուցելու համար յաջորդ սերունդներու ապագան՝ հաւատարիմ մնալով իրենց երկրի ժողովրդավարական քաղաքականութեան։

Արցախի նախագահը հանդիսաւոր կերպով ողջունեց նաեւ Ֆրանսան եւ նախագահ Մաքրոնը՝ Ազերպայճանի հետ հակամարտութեան ընթացքին իրենց գործադրած ջանքերուն համար։ Յուզուած եւ երախտագիտութեամբ ան յարգանքի տուրք մատուցեց բազմաթիւ խորհրդարանականներու եւ տեղական իշխանութիւններու, որոնք անխոնջ իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն հայ բնակչութեան։

Պնդելով, որ սկզբունքներն ու արժէքները կարելի չէ վաճառել կազի կամ նաւթի համար, Արայիկ Յարութիւնեան Եւրոպային կոչ ըրաւ պատիժներ կիրարկելու Ազերպայճանի դէմ՝ խնդրելով ուղարկել միջազգային միջնադիր ուժեր՝ կանխելու նոր ցեղասպանութիւնը եւ հաստատելու այն խաղաղութիւնը, զոր կը փափաքին Արցախցիները։

Արցախի նախագահին ելոյթը արժանացաւ յոտնկայս բուռն ծափողջոյններու, ինչ որ պահը դարձուց յուզիչ ու պատմական։ 

Հանդիպում Ռընօ Միւզըլիէի հետ եւ հռչակագրի ստորագրութիւն

Արցախեան պատուիրակութիւնը Պուշ-տիւ-Ռոնի Նահանգային խորհուրդէն ետք ուղղուեցաւ դէպի Փրովանս–Ալփ–Գոթ տ՚Ազիւրի (PACA) Շրջանային խորհուրդ, ուր ընդունուեցաւ  Շրջանի նախագահ Ռընօ Միւզըլիէի կողմէ։

Հոս, նախ տեղի ունեցաւ փակ տեսակցութիւն մը Միւզըլիէի գրասենեակին մէջ։ Այնուհետեւ, երկու նախագահները ելոյթ ունեցան՝ Արցախին եւ անոր նախագահին իրենց զօրակցութիւնը ցոյց տալու համար եկած ընտրեալներու, ինչպէս նաեւ բաւական խուռներամ բազմութեան մը առջեւ։ 

Նախագահ Միւզելիէի կամքով՝ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ Արցախի, եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի զոհերու յիշատակը։

Հարաւի շրջանին կողմէ ի շահ Հայաստանի ու Արցախի գանձատրուող տարբեր ծրագրերու երկար ցանկը թուարկելէ յետոյ, Միւզըլիէ յայտարարեց իր նախագահած Շրջանին՝ Հայոց կողքին ըլլալու վճռականութիւնը։

Միւզըլիէ իր խօսքի աւարտին ըսաւ, որ ի մօտոյ, աշխատանքային երկու օր պիտի անցընէ նախագահ Մաքրոնի կողքին եւ խոստացաւ անպայման անոր հաղորդել Արայիկ Յարութիւնեանի խորհրդապահական պատգամները։

Ապա խօսք առաւ Արցախի նախագահը, որ ողջունեց ֆրանսական բոլոր հիմնարկները, ֆրանսացի խորհրդարանականներն ու նախագահ Մաքրոնը իրենց օգնութեան եւ Արցախի մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ գործադրած ջանքերուն համար։ Ան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Ազերպայճան յաղթական դուրս եկաւ 44-օրեայ պատերազմէն, շնորհիւ Թուրքիոյ եւ անոր հաւաքագրած վարձկաններու օգնութեան։

Արայիկ Յարութիւնեան խօսեցաւ նաեւ Ռուսաստանի դերին մասին, որ, ըստ անոր, կը մնայ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը՝ յիշեցնելով, որ Ռուսաստանի մէջ աւելի շատ հայ կ՚ապրի, քան՝ Հայաստանի։

Արարողութիւնը վերջ գտաւ հռչակագրի մը ստորագրութեամբ, ուր յատկապէս կ՚ընդգծուին Արցախցիներու հիմնական եւ մասնաւորապէս՝ ինքնորոշման անձեռնմխելի իրաւունքները։

Հռչակագրին մէջ նաեւ միջազգային հանրութեան կոչ մը յղուած է Ազերպայճանը դատապարտելու, գործած ռազմական ոճիրներուն, մարդկային իրաւանց խախտումներուն եւ այդ երկրին մէջ քաղաքական եւ ռազմագերիներու կալանաւորման համար։

Պընուա Փայան կ՚ընդունի Արայիկ Յարութիւնեանը եւ անոր պատուիրակութիւնը

Հուսկ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունուեցան Մարսիլիոյ քաղաքապետ Պընուա Փայանի կողմէ։ Բացի Փայանէն, քաղաքապետարանի մուտքին հիւրերը դիմաւորելու եկեր էին նաեւ  ծերակուտական Մարի-Առլէթ Գարլոթի, Մարսիլիոյ քաղաքապետի՝ անվտանգութեան հարցերու կցորդ Եանիք Օհանէսեան, հարաւային CCAF-ի համանախագահները։

Այնուհետեւ, յուշանուէրներու աւանդական փոխանակումէն ետք՝ տեղի ունեցան փակ բանակցութիւններ կողմերուն միջեւ։ 

Մինչ հիւրերը հիացումով կը դիտէին քաղաքապետարանի պատշգամէն իրենց աչքերուն առջեւ տարածուող գեղեցիկ տեսարանը, Պընուա Փայան յիշեցուց անոնց, որ շէնքի ճակատին կը ծածանի նա՛եւ հայկական եռագոյնը։

Նախքան հայ համայնքին հետ հանդիպումը Սահակ Մեսրոպ մշակոյթի կեդրոնին մէջ,– որ կը հանդիսանար այս երկա՜ր օրուան վերջին հանգրուանը,–  Արցախի նախագահն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը բարեկամութեան բաժակ մը կիսեցին Պընուա Փայանի եւ ներկայ անձնաւորութիւններուն հետ։