Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկած են Լաչինի միջանցքին ստեղծուած իրավիճակը

Վարչապետ Փաշինեան Դեկտեմբեր 12-ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ, քննարկելով Լաչինի միջանցքին ստեղծուած իրավիճակը եւ հանգուցալուծման ուղիները:

Վարչապետը ընդգծած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ անխափան կապի ապահովման ու այդ առնչութեամբ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հետեւողական քայլերուն կարեւորութիւնը: