Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան եւ իր փոխնախարարուհին հեռացուած են իրենց պաշտօններէն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած որոշումով, Դեկտեմբեր 12-ին իրենց պաշտօններէն հեռացուած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Վահրամ Դումանեան եւ փոխնախարարուհի Ժաննա Անդրէասեան։

Հայաստանեան լրասփիւռները կը հաղորդեն, թէ փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան եւս հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է։

Նշենք, որ Համբարձում Մաթեւոսեան 2018 Հոկտեմբեր 16-ին Հայաստանի կառավարութեան որոշումով նշանակուած էր Արմաւիրի մարզպետ։ Ան 2021 Նոյեմբեր 24-ին ազատ կացուցուելով այդ պաշտօնէն փոխվարչապետ նշանակուած էր։