«Քոմերսանթ»-ին տուած հարցազրոյցին, Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան յայտարարած է, թէ օդակայանը պէտք է բացուի, իսկ ատոր համար անհրաժեշտ է, որ միջազգային կառոյցները եւ բոլոր երկիրները ճնշում բանեցնեն, որպէսզի մարդասիրական միջանցք հաստատուի եւ օդանաւերը կարենան վայրէջք կատարել Ստեփանակերտի օդակայանը։ “Սա Ազերպայճանէն կախեալ չըլլալու միակ միջոցն է”,– ըսած է Վարդանեան, աւելցնելով որ օդակայանը ամբողջովին պատրաստ է գործելու։
Նշենք, թէ արդէն չորրորդ օրն է, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը գտնուի Ազերպայճանի կողմէ կազմակերպուած երթեւեկի եւ ուժանիւթի շրջափակման մէջ։