Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՆԻՒ ԵՈՐՔ – ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները կը պահանջեն ապաշրջափակել Բերձորի միջանցքը

Հայաստան կ՚ուզէ, որ ՄԱԿ-ի փաստահաւաք առաքելութիւն տեղակայուի Արցախի մէջ

Դեկտեմբեր 20-ի իրիկունը Նիւ Եորքի մէջ Երեւանի պահանջով գումարուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին՝ Հայաստան կոչ ըրած է ՄԱԿ-ի կառոյցներուն փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկել Արցախ՝ տեղւոյն վրայ ստեղծուած իրավիճակին ծանօթանալու համար։

Կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան իր ելոյթին նշած է.

“Ադրբեջանը զանգուածային արշաւ է սկսել Բերձորի միջանցքում՝ պետական հովանաւորութեամբ: Մտացածին պատրուակով կազմակերպելով միջանցքի ապօրինի շրջափակումը՝ Ադրբեջանը թիրախաւորել է 120 հազար մարդու: Առնուազն 1 100 քաղաքացիներ չեն կարողանում վերադառնալ իրենց տները, երեխաները բաժանուել են իրենց ծնողներից, ընտանիքներից, առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւնների տրամադրումը խաթարուել է՝ յանգելով կեանքին սպառնացող իրավիճակների:

Ահազանգող իրավիճակը Արցախում մօտ է մարդասիրական աղէտ դառնալուն: Չնայած խաղաղապահ ուժերի ջանքերին՝ ադրբեջանական կողմի հետ Արցախի իշխանութիւնների բանակցութիւնները, որոնք նպատակ ունեն վերականգնել միջանցքի ապահով եւ անխաթար շահագործումը, առ այսօր որեւէ արդիւնքի չեն յանգել: Ադրբեջանի գործողութիւնների համակարգուած բնոյթը, այդ թւում՝ նախորդ միջադէպերը, որոնց ընթացքում թիրախաւորում էին քաղաքացիական ազգաբնակչութիւնը, ենթակառոյցները, մէկ անգամ եւս ապացուցում է, որ Բերձորի միջանցքի փակումը իրականում նախապէս ծրագրուած գործողութիւն է, որն իրականացւում է Ադրբեջանի իշխանութիւնների կողմից՝ նպատակ հետապնդելով վնաս պատճառել ազգաբնակչութեան եւ մեծածաւալ մարդասիրական ճգնաժամ առաջացնել Արցախում։

(…) Բերձորի միջանցքի խափանումը մեկուսի դէպք չէ, սա կրկին անգամ վկայում է համակարգային բռնութեան մասին, որի գլխավերեւում կանգնած են ադրբեջանական իշխանութիւնները, ում նպատակն է Արցախի ժողովրդին ենթարկել ցեղային զտման: … Եթէ Ադրբեջան հետաքրքրուած է, որ բնապահական իրավիճակի անկախ գնահատում իրականացուի, ապա պէտք է դիտարկուի ՄԱԿ-ի փաստահաւաք առաքելութիւն  տեղակայելու հնարաւորութիւնը՝ խնդիրն ուսումնասիրելու նպատակով:

Ադրբեջանի պնդումները, թէ լուծել է Արցախեան հակամարտութիւնը եւ վերացրել հազարամեակներ շարունակ Հայերի կողմից բնակեցուած տարածքի անուանումը, ակնյայտ վկայում են այն մասին, որ կանխամտածուած ցեղասպանական քաղաքականութեան նշաններ կան: Միջազգային հանրութեան ներգրաւումը միակ կարելի միջոցն է՝ երաշխաւորելու Արցախի ժողովրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհրդին կոչ ենք անում քայլեր ձեռնարկել՝ պահանջելու Ադրբեջանից լիարժէքօրէն յարգել 2020 Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները եւ անմիջապէս ու անվերապահօրէն վերացնել Բերձորի միջանցքի փակումը՝ վերացնելով երթեւեկութեան հաղորդակցութեան անվտանգ եւ ապահով կազմակերպման բոլոր խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն տեղակայել Արցախում՝ գնահատելու տեղի մարդասիրական իրավիճակը, ապահովել ՄԱԿ-ի գործակալութիւնների համար անխոչընդոտ մուտքը Արցախ՝ մարդասիրական նպատակներով: Հայաստանը կոչ է անում Ապահովութեան խորհրդին կատարել միջազգային խաղաղութեան և անվտանգութեան պահպանման իր պարտականութիւնը, ձեռնարկել պատշաճ միջոցներ եւ միանշանակ դատապարտել Ադրբեջանի յարձակողական գործողութիւնները, որոնք գոյութենական սպառնալիք են առաջացնում Արցախի ժողովրդի համար, նրանց ազատ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի համար”:

Ազերպայճանի ներկայացուցիչ.– «Լաչինի (Բերձորի) ճանապարհը ոեւէ մէկը չէ փակած»

Հակադարձելով հայկական կողմի յայտարարութիւններուն՝ ՄԱԿ-ի մէջ Ազերպայճանի դեսպան Եաշար Ալիեւ անգամ մը եւս պնդած է, որ Լեռնային Ղարաբաղ անունով տարածաշրջան գոյութիւն չունի, իսկ Բերձորի (Լաչին) ճանապարհը ոեւէ մէկը չէ փակած։ Եաշար Ալիեւի պնդումով՝ Պաքու արդէն իսկ ուղղակի շփումներու մէջ է տեղւոյն Հայութեան հետ։ Ազերպայճանցի դիւանագէտը իբրեւ այդպիսի, իր բնորոշմամբ, «յաջողած շփում»-ներու օրինակ  մատնանշած է Բերձորի նոր ճանապարհի կառուցումն ու ազերպայճանցի մասնագէտներու այցելութիւնները՝ Սարսանգի ջրամբար։

“Յամենայն դէպս՝ տեղւոյն վրայ արձանագրուող այս դրական զարգացումները հետզհետէ աւելի ու աւելի կը մտահոգեն Հայաստանն ու որոշ երրորդ պետութիւններ, հետեւաբար անոնք կը դիմեն ամէն տեսակ գրգռութեան՝ լարում ստեղծելու եւ կարգաւորման փխրուն գործընթացը խափանելու նպատակով։ Ազերպայճանի բնական պաշարներու անօրինական շահագործման մէջ ուղղակիօրէն ներգրաւուած եւ տարածաշրջանին հետ որեւէ կապ չունեցող տխրահռչակ գործարար Ռուբէն Վարդանեանի՝ Ազերպայճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ ի յայտ գալը, ինչպէս նաեւ որոշ արտաքին դերակատարներու ապակայունացնող գործողութիւնները այս ամէնուն վառ վկայութիւնն են”,– յոխորտացած է ՄԱԿ-ի մէջ Ազերպայճանի մնայուն ներկայացուցիչը։

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած քննարկման ընթացքին Բերձորի միջանցքին ստեղծուած կացութեան անդրադարձած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մէկ տասնեակէ աւելի պետութիւններու դիւանագէտները՝ անոնց կարգին բոլոր մնայուն անդամները։ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը պահանջած է անյապաղ ապաշրջափակել Բերձորի միջանցքը եւ տարածաշրջան մուտք գործելու հնարաւորութիւն տալ ՄԱԿ-ի կառոյցներուն։ 

Ֆրանսայի ներկայացուցիչ.– «Բերձորի միջանցքի ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները անընդունելի են»

ՄԱԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Նաթալի Պրոտհիւրսթ Էսթիվալ  յայտարարած է. “Վերջին շրջանի իրադարձութիւնները մեզ շատ կը մտահոգեն: Երկու հանգամանք կ՚ուզեմ ընդգծել, նախ` Լեռնային Ղարաբաղի միջանցքի ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները անընդունելի են: Բերձորի միջանցքի խափանման հետեւանքն է Ղարաբաղի բնակչութեան մեկուսացումը։ Մարդասիրական հետեւանքները հետզհետէ կը վատթարանան: Ֆրանսա կոչ կ՚ընէ անվերապահօրէն վերսկսիլ բեռներու եւ պարագաներու տեղաշարժը՝ Բերձորի միջանցքով, միաժամանակ ամբողջովին ապահովելով բնակչութեան իրաւունքները: Ֆրանսա կոչ կ՚ուղղէ կատարելու եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած յանձնառութիւնները. խօսքը կը վերաբերի 2020 Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան: Ֆրանսա նաեւ կ՚ընդգծէ, որ Ազերպայճանի ստանձնած յանձնառութեան համաձայն պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ մարդոց, երթեւեկութեան միջոցներու եւ ապրանքներու տեղաշարժի ապահովութիւնը Բերձորի միջանցքի երկու ուղղութիւններով”:

Ֆրանսայի ներկայացուցիչը աւելցուցած է,  որ Ֆրանսա կոչ կ՚ընէ  անմիջապէս ազատ մուտք ապահովել մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններուն համար:

“Ֆրանսա կոչ կ՚ընէ երկու կողմերուն  ստեղծել միջավայր մը, որ նպաստաւոր կ՚ըլլայ ընթացող բանակցութիւններու մէջ յաջողութեան հասնելու եւ յառաջընթացի համար, որ պէտք է  մի՛այն երկխօսութեամբ ըլլայ եւ ոչ ուժի գործադրութեամբ, այդ կարգին պէտք է երաշխաւորուին Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները: Եւրոմիութեան զուգահեռ Ֆրանսա կը շարունակէ սատար հանդիսանալ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ երկխօսութեան ջանքերուն, յատկապէս խաղաղութեան համաձայնագրի բնագրին, սահմանազատման ու սահմանգծման, հաղորդակցութիւններու բացման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ: Ֆրանսա պատրաստ է աշխատելու բոլոր կողմերուն հետ, արդիւնքներու յանգելու համար”,– եզրափակած է Ֆրանսայի ներկայացուցիչը։

ԱՄՆ-ու ներկայացուցիչ.– “Բերձորի միջանցքի օգտագործման դէմ յարուցուող խոչընդոտները խաղաղ գործընթացին մէջ յետընթացի կը յանգեցնեն

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Ռապըրթ Վուտի ելոյթը նուիրուած էր Հայաստանը Արցախին կապող ճանապարհի փակման թէ՛ մարդասիրական եւ թէ՛ քաղաքական հետեւանքներուն։

“Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգ է Բերձորի միջանցքի օգտագործման դէմ շարունակական խոչընդոտներու եւ մարդասիրական հետեւանքներու կապակցութեամբ։ Թոյլ տուէք շատ յստակօրէն ըսել, որ Բերձորի միջանցքի օգտագործման դէմ յարուցուող խոչընդոտները խաղաղ գործընթացին մէջ յետընթացի կը յանգեցնեն։ Անոնք կը խաթարեն այս գործընթացին հանդէպ առկայ միջազգային վստահութիւնը։ Կոչ կ՚ընենք Ազերպայճանի կառավարութեան եւ միջանցքի անվտանգութեան համար պատասխանատու միւս ուժերուն՝ շուտափոյթ կերպով վերականգնել ազատ տեղաշարժը՝ այդ կարգին մարդասիրական եւ առեւտրային նպատակներով”,– յայտարարած է ԱՄՆ-ու ներկայացուցիչը։

Ռուսաստանի ներկայացուցչին համաձայն՝ իր երկիրը ամէն ճիգ կը գործադրէ դժուարութիւնը յաղթահարելու  համար

Ռուսաստանը ներկայացնող Աննա Եւսթիկնեւայի համաձայն՝ ճգնաժամի սկիզբէն ի վեր Մոսկուա աշխուժօրէն կ՚աշխատի դժուարութիւնը յաղթահարելու ուղղութեամբ։

“Ռուսական կողմը Պաշտպանութեան նախարարութեան, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան միջամտութեամբ, վերջին օրերուն ձեռնարկած է անհրաժեշտ բոլոր ջանքերուն՝ Բերձորի միջանցքին գոյացած խնդիրը արագ լուծելու համար։ Կանոնաւոր շփումներ կազմակերպուած են հայ եւ ազերպայճանցի գործընկերներուն հետ”,– ըսած  է ռուս դիւանագէտը աւելցնելով, թէ բանակցութիւններ կը տարուին Ազերպայճանի բնապահական փորձագէտներու Արցախի հանքավայրեր այցելելու կարգը հաստատելու համար։

Ամէնէն հասցէական յայտարարութիւնը՝ Իռլանտայէն

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին հնչած ամէնէն հասցէական յայտարարութիւնը ըրած է Իռլանտայի ներկայացուցիչը։

“Իռլանտա կոչ կ՚ընէ Ազերպայճանի իշխանութիւններուն առանց նախապայմանի վերականգնել Բերձորի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ 2020 Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան դրոյթներուն համապատասխան։ Կոչ կ՚ընենք նաեւ շարունակելու հաշտեցման գործընթացը, որ թոյլ պիտի տայ խուսափիլ մարդկային կեանքերու հետագայ անիմաստ կորուստէն։ Իռլանտա կողմ է հարցին՝ բանակցութիւններու միջոցով ձեռք բերուած, համապարփակ լուծման՝ այդ կարգին Արցախի մնայուն կարգավիճակի յստակացման։ Մենք կը վերհաստատենք մեր ամբողջական աջակցութիւնը բանակցութիւններու միջազգային ձեւաչափին՝ Մինսքի խումբին, որ պէտք է հասնի վերը նշուած նպատակի իրագործման”,– յայտարարած է ՄԱԿ-ի մէջ Իռլանտայի ներկայացուցիչ Մարթին Կալակեր։

Միացեալ Թագաւորութիւնը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Բերձորի միջանցքի փակումին կապակցութեամբ

Միացեալ Թագաւորութեան ներկայացուցիչը՝ Ճեյմս Քարիուքի յայտնած է, թէ իր երկիրը խորապէս մտահոգ է վերջին շրջանին Բերձորի միջանցքի փակման հանգամանքով։

“Մենք ուրախ ենք, որ տարածաշրջանի կազամատակարարումը վերականգնուած է, բայց կը շարունակենք կոչ ընել, որպէսզի միջանցքը անմիջապէս վերաբացուի։ Բերձորի միջանցքը միակ ճանապարհն է, որով առօրեայ անհրաժեշտ պարագաները կրնան Արցախ ուղարկուիլ։ Միջանցքին փակումը մարդասիրական ծանր հետեւանքներ կ՚ունենայ յատկապէս ձմռան այս ցուրտ եղանակին։ Մտահոգութեամբ կ՚արձանագրենք նաեւ, որ քաղաքացիական անձեր ճամբան մնացած են եւ չեն կրնար շարժիլ իրենց տեղէն։ Անոնց հրատապ վերադարձը նոյնպէս կարեւոր ու անհրաժեշտ է”,– նշած է ՄԱԿ-ի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը։

Ան աւելցուցած է, որ իր երկրին իշխանութիւնները կապի մէջ են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի կառավարութիւններուն հետ։

“Մնայուն խաղաղութեան կարելի է հասնիլ՝ մի՛այն դիւանագիտութեան եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներուն համաձայն։ Միացեալ Թագաւորութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ միջազգայնօրէն կազմակերպուող բանակցային ջանքերուն, որոնց նպատակն է խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովել տարածաշրջանին մէջ”,– եզրափակած է բրիտանացի դիւանագէտը։

Քննարկումէն ետք, Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութեան կայքը հրապարակած է իր երկրի ներկայացուցչին ելոյթը եւ վերնագրին մէջ յստակ արձանագրուած է, որ Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին փակումը կրնայ մարդասիրական լուրջ հետեւանքներու յանգեցնել: 

Եզրափակելու համար նշենք, որ բացի վերոնշեալներէն, ելոյթ ունեցած են նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Ալպանիոյ, Չինաստանի, Պրազիլի, Քենիոյ, Մեքսիքայի, Նորվեկիոյ, Ղանայի, Կապոնի, Հնդկաստանի ներկայացուցիչները։