Դեկտեմբեր 23-ին, Դիմագիրքի ուղղակի հաղորդումով Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան յայտարարած է, թէ շատ բարդ է իրավիճակը, 264 ժամ է, որ կը շարունակուի շրջափակումը, նկատելով՝ որ ամէն մէկ ժամը կ՚աւելցնէ մարդոց թէ՛ անհանգստութիւնը, թէ՛ մտահոգութիւնը։
“Չնայած ամէն ինչին, մենք յաղաթահարելու ենք այս դժուարութիւնները։ Յաղթահարելու ենք, որովհետեւ ոչ թէ ոեւէ մէկը մեզ օգնելու է, այլ որովհետեւ մենք մեր մէջ այդ ուժը ունենք”,– յայտարարած է ան։
Նախարարը յոյս յայտնած է, թէ կ՚իրականացնեն Դեկտեմբեր 25-ին առնչուող նպատակը, սակայն, ան չէ յստակացուցած, որ ի՞նչ նպատակի մասին է խօսքը։