Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՄՈՍԿՈՒԱ – Լաւրով.– «Պէտք է վերականգնել Բերձորով երթեւեկը եւ լուծել հանքերու շուրջ ստեղծուած տարակարծութիւնները»

Դեկտեմբեր 23-ին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ազերպայճանցի իր պաշտօնակցին հետ Մոսկուայի մէջ քննարկած է Բերձորի միջանցքին ստեղծուած իրավիճակը։

Հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին Լաւրով նշած է, որ ռուս խաղաղապահները կ՚աշխատին Բերձորի միջանցքին իրավիճակը կարգաւորելու համար։

“Ռուսաստանի դիրքորոշումը այն է, որ պէտք է կարելիին չափ արագ վերականգնել երթեւեկը եւ կարգաւորել տարածաշրջանի հանքերու շահագործման  շուրջ ստեղծուած տարակարծութիւնները։ Բոլորը պէտք է հաւատարիմ մնան 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ փաստաթուղթով իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններուն”,– ըսած է ռուս նախարարը։

Լաւրով ափսոսանք յայտնած է, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան մերժած է Ազերպայճանի հետ եռակողմ խորհրդակցութիւնները։ Ան միեւնոյն ատեն ըսած է, թէ Ռուսաստան օրակարգէն չի ջնջեր Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը կազմակերպելու հարցը։

Լաւրով տեղեկացուցած է, թէ կը նախապատրաստուի «3+3» ձեւաչափով (Հայաստան, Ազերպայճան, Վրաստան, Ռուսաստան, Իրան եւ Թուրքիա) նախարարական հանդիպումը, կը յստակացուի ժամանակացոյցը։