Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսացի 200 մտաւորականներու, գրողներու, արուեստի գործիչներու կոչը

 

«Պէտք է փրկե՛լ Արցախի 120 000 բնակիչները»

Ֆրանսայի մէջ, Սուրբ ծննդեան տօներու նախօրեակին, աւելի քան 200 ֆրանսացի մտաւորականներ, գրողներ ու արուեստի գործիչներ «Ֆիկառօ» օրաթերթին մէջ հրապարակած են միացեալ յօդուած-կոչ մը՝ ի զօրակցութիւն Արցախի Հայութեան՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Արցախը արտաքին աշխարհին կապող մի՛ակ ճանապարհին՝ Բերձորի միջանցքին խափանման և Արցախի մէջ Ազերպայճանի կողմէ ցեղային զտում իրականացնելու վտանգի առկայութեան վրայ։ 

Յօդուածին հեղինակներու շարքին են ծանօթ դերասաններ՝ Ժան Ռենօ, Փիէր Ռիշար, Գառոլ Պուքէ, Վիրժինի Լըտուայէն,  աշխարհահռչակ բեմադիրներ Գոսթա Կավրաս եւ Գլօտ Լըլուշ, հանրայայտ գրողներ Սիլվէն Թեսոն, Ալեքսանտր Ժարտէն, Ժիլպէռ Սինուէ, գրող եւ շարժարուեստի գործիչ Մարք Տիւկէն, ականաւոր փիլիսոփաներ Փասքալ Պրիւքնէր եւ Միշէլ Օնֆրէ, հեռատեսիլի նշանաւոր հաղորդավար Սթեֆան Պեռն, Ֆրանսայի Ակադեմիայի շարք մը անդամներ և շատ ու շատ ուրիշներ։

Յօդուածը հասանելի է հետեւեալ յղումով՝ https://www.lefigaro.fr/vox/monde/il-faut-sauver-les-120-000-armeniens-d-artsakh-20221223