Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Դէպի Շուշի երթ կազմակերպած խումբ մը Արցախցիներ ռուս խաղաղապահներէն պահանջած են վերականգնել Բերձորի միջանցքի բնականոն երթեւեկը

Դեկտեմբեր 23-ին, խումբ մը Արցախցիներ Ստեփանակերտէն ճամբայ ելած են դէպի Շուշի՝ Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող ճամբան խափանած «բնապահ» ներկայացող Ազերպայճանցիներու կեղծ պնդումներուն հակափաստներ ներկայացնելու նպատակով:

Ստեփանակերտ-Շուշի տանող ճանապարհին տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի անցակէտին անոնց չեն արտօնած անցնիլ՝ նշելով, որ ճանապարհը բանալու համար ներկայիս բանակցութիւններ կ՚ընթանան, իսկ նման նախաձեռնութիւնները կրնան սրել իրավիճակը:

Նախաձեռնութեան մասնակիցներէն «Վաղուան Արցախ» կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Պետրոսեան ներկայացուցած է  ճամբան անյապաղ բանալու Արցախահայութեան պահանջը, նշելով, որ ըստ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան՝ Ռուսաստան պարտաւոր է խաղաղապահ զօրակազմի միջոցով ապահովել Բերձորի միջանցքով անխափան եւ անվտանգ երթեւեկը։

Այնուհետեւ երթի մասնակից Արցախցիները պահանջած են մինչեւ Դեկտեմբեր 24 վերականգնել ճանապարհի բնականոն երթեւեկը, հակառակ պարագային կը վերադառնան մեծաթիւ խումբով՝ պահանջելու լուծում տալ խնդրին: