«Ժամանակն է բանալու ճամբան եւ Արցախի իշխանութիւններուն հետ նստելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ»
Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան՝ արձագանգելով Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Պայրամովի՝ Մոսկուայի մէջ իր հասցէին կատարած յայտարարութիւններուն, Դիմագիրքի իր էջին գրած է.-
«Ուրախ եմ, որ իմ անձի շուրջ կայ նման հետաքրքրութիւն։ Նշանակում է, որ ես ամէն ինչ ճիշդ եմ անում Արցախցիների եւ մեր երկրի համար։
Ժամանակն է վերջացնել այս ամէնը։ Ժամանակն է բացել ճանապարհը եւ Արցախի իշխանութիւնների հետ նստել բանակցութիւնների սեղանի շուրջ»։
Նշենք, թէ Դեկտեմբեր 23-ին Մոսկուայի մէջ կայացած Պայրամովի եւ Լաւրովի մամլոյ ասուլին, իր կարգին ռուս նախարարը յայտարարած է, թէ Ռուբէն Վարդանեան Ռուսաստանի հետ որեւէ առնչութիւն չունի. «Վարդանեանի խնդրանքով նախագահ Փութին ենթական զրկած է Ռուսաստանի քաղաքացիութենէն»,– ընդգծած է Լաւրով։