Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ – Վարչապետ Փաշինեան մասնակցած է ԱՊՀ-ի պետութիւններու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական համաժողովին

Դեկտեմբեր 26-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) պետական ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական համաժողովին: Ներկայ եղած են Ռուսաստանի, Ղազախստանի, Քիրկիզստանի, Պելառուսի, Ուզպէքիստանի, Թիւրքմէնստանի, Տաճիկստանի եւ Ազերպայճանի նախագահները։

Խմբային լուսանկարումի արարողութենէն ետք, ներկաները ողջունած է նախագահ Վլատիմիր Փութին։

Հանդիպումին քննարկուած են ԱՊՀ-ի տարածքին մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր:

Համաժողովը աւարտած է ԱՊՀ-ի պետութիւններու առաջնորդներու ճաշով: