Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Հայաստան» հիմնադրամը Արցախի հարցով Հոգաբարձուներու խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարած է

Դեկտեմբեր 27-ին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը «Հրատապ աջակցութիւն Արցախին» բնաբանով Հոգաբարձուներու խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարած է՝ քննարկելու Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակման եւ անոր հետեւանքով Արցախին՝ Հիմնադրամի յատկացնելիք մարդասիրական աջակցութեան հարցը։

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ու Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ներկայացուցած են Արցախահայութեան հրատապ կարիքները, զանոնք հասցէագրելու ուղղութիւնները։

Շեշտելով Արցախին մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով համահայկական համախմբան անհրաժեշտութիւնը՝ մասնակիցները ներկայացուցած են Արցախին հրատապ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու հնարաւոր ուղիներն ու եղանակները, ձեռնարկուելիք միջոցները (դրամահաւաքի արշաւ եւ այլն …), Հիմնադրամի՝ Արցախի մէջ իրականացուցած ընթացիկ ծրագրերը աւելի հրատապ  նպատակներու ուղղելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաև Հիմնադրամին կողմէ միջազգային տարբեր կառոյցներուն դիմելու անհրաժեշտութիւնը:

Ըստ Հիմնադրամի մամլոյ ծառայութեան՝ ԱՄՆ-ու տեղական մարմինը պատրաստակամութիւն յայտնած է անմիջապէս 500 000 տոլար տրամադրելու՝ Արցախին բնամթերքի տեսքով մարդասիրական աջակցութիւն հասցնելու նպատակով:

Նիստը վարած է Հայաստանի նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։ Տեսակապի միջոցով նիստին մասնակցած են Հոգաբարձուներու խորհուրդի 20 անդամներ, ինչպէս նաեւ Հիմնադրամի տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ: