Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ յայտարարած է, թէ Հայաստան ուզէ, թէ չուզէ, «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի բացուի

Աշխարհի Ազերպայճանցիներու համերաշխութեան օրուան եւ Ամանորի առիթով Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ի միջի այլոց յայտարարած է, թէ Հայաստան ուզէ, թէ չուզէ, «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի բացուի։

Ան նաեւ ըսած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան համար ստեղծուած են բոլոր պայմանները։

“2022 Հոկտեմբերին Փրակայի եւ Սոչիիի մէջ կայացած հանդիպումներուն Հայաստան պաշտօնապէս ճանչցաւ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Ըստ իս, անկէ ետք բոլոր պայմանները ստեղծուեցան Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան համար, եւ ան կրնայ ստորագրուիլ Պաքուի կողմէ առաջարկուած ծանօթ հինգ սկզբունքներու հիման վրայ”,– նշած է Ալիեւ։