Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լեմքին հիմնարկ.– «Թուրքիա եւ Ազերպայճան Հայաստանին կը սպառնան պատերազմով, բռնագրաւումով եւ ցեղասպանութեամբ»

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկը ամփոփած է 2022 թուականը եւ տարեվերջի իր զեկոյցին մէջ ներկայացուցած է տարուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնք այս կամ այն ձեւով կապուած են ցեղասպանութեան հետ: Զեկոյցին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հայաստանն ու Արցախը:

Հիմնարկը կը նշէ, որ 2022-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը սպառնալիքի տակ դրուած է դրացի Ազերպայճանի եւ անոր դաշնակից Թուրքիոյ կողմէ: Զեկոյցին մէջ ներկայացուած են 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Ազերպայճանի կողմէ հրադադարի յաջորդական խախտումները, ինչպէս նաեւ Սեպտեմբերին այդ երկրին յարձակումը Հայաստանի վրայ, հայ ռազմագերիներու հանդէպ վայրագութիւնները:

«Հակառակ անոր, որ արտաքին աշխարհը արագ արձագանգեց՝ վերջ տալու Ազերպայճանի սեպտեմբերեան յարձակումին, սակայն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի 140 քառակուսի քիլոմեթրը, ինչպէս նաեւ Արցախի կարեւոր հատուածները, անոնց մէջ՝ Շուշի քաղաքը, տակաւին բռնագրաւուած են Ազերպայճանի կողմէ»,– նշուած է զեկոյցին մէջ:

Հիմնարկը նաեւ կը հաղորդէ, որ Դեկտեմբեր 12-էն Ազերպայճան փակած է Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան՝ յառաջացնելով մարդասիրական ճգնաժամ, որ կրնայ արագօրէն վերածուիլ աղէտի:

«Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը իր երկրին մէջ բացայայտ կերպով կը վարէ դաժան հակահայկական քաղաքականութիւն՝ տօնելով պատերազմական ոճիրները եւ միեւնոյն ժամանակ արտաքին աշխարհին ներկայանալով որպէս հանդուրժողականութեան միջնաբերդ»,– կը գրեն Լեմքին հիմնարկի փորձագէտները՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա եւ Ազերպայճան, փափաքելով Հայաստանէն ստանալ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, Հայաստանին կը սպառնան պատերազմով, բռնագրաւումով եւ ցեղասպանութեամբ:

Հիմնարկը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն երեւոյթին վրայ, որ հզօր երկիրները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը, ՕԹԱՆ-ը եւ այլ կառոյցներ կը շարունակեն բացայայտ կերպով աջակցիլ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի վարչակարգերուն:

«Ազերպայճան Freedom House-ի կողմէ ճանչցուած է որպէս աշխարհի ամէնէն քիչ ազատ երկիրներէն մէկը: Վերջին տարիներուն այնտեղ աւելցած են լրագրողներու, մարդկային իրաւանց պաշտպաններու, ցեղային փոքրամասնութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ հալածանքները՝ այլախոհութիւնը վերացնելու համար օգտագործելով ներքին, ինչպէս նաեւ անդրազգային բռնաճնշումներ»,– կ՚եզրափակեն փորձագէտները: