Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Genocide Watch-ը ԱՄՆ-ու իշխանութիւններուն կոչ ըրած է պատիժներ կիրարկելու Ազերպայճանի դէմ եւ օգնելու Արցախին

Genocide Watch կազմակերպութիւնը ԱՄՆ-ու իշխանություններուն կոչ ըրած է պատիժներ կիրարկելու Ազերպայճանի նկատմամբ եւ հրատապ օգնութիւն ցուցաբերելու Արցախի բնակիչներուն։

Միջազգային կառոյցը Թուիթըրի իր էջին կատարած գրառման մէջ նշած է.

«ԱՄՆ պէտք է դատապարտէ Ազերպայճանի արարքները,

1) գործադրելով 907-րդ յօդուածը եւ դադրեցնելով այդ երկրին ռազմական օժանդակութիւնը,

2) կիրարկելով պատիժներ՝ օգտագործելով Մակնիցքիի(*) օրէնքը եւ  իրաւական այլ գործիքներ,

եւ

3) մարդասիրական ճգնաժամէն տառապող 120 հազար Հայերուն հրատապ օգնութիւն ուղարկէ»։

Genocide Watch-ը ցեղասպանութեան դէմ հանդէս եկող դաշինքի համակարգողն է, որ հիմնուած է 1999-ին: Կառոյցը կը ներառէ աշխարհի աւելի քան 75 կազմակերպութիւն: Genocide Watch-ը կազմակերպութիւններու առաջին դաշնակցութիւնն է, որ ամբողջովին կեդրոնացած է ցեղասպանութեան կանխարգիլման վրայ:

(*) Մակնիցքիի օրէնքը, որ պաշտօնապէս ծանօթ է «Russia and Moldova Jackson-Vanik Repeal and Sergei Magnitsky rule of law Accountability Act of 2012» անուանումով, երկկուսակցական օրէնք մըն է, ընդունուած՝ Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսին եւ նախագահ Օպամայի կողմէ 2012 Նոյեմբեր-Դեկտեմբերին: Այս օրէնքը կը նախատեսէ 2009-ին Մոսկուայի Պութիրքայի բանտին մէջ՝ քաղաքական համակարգի եղծանման դէմ պայքարի խորհրդանիշ հանդիսացող փաստաբան Սերկէյ Մակնիցքիի մահուան հետ առնչուած կասկածելի ռուս պաշտօնատարներու նկատմամբ ֆինանսական պատիժներ եւ այցագիրի (վիզա) արգելքներ։