Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ – Արցախի երախաները կ՚երգեն Սուրբ ծննդեան երգեր՝ ի նշան խաղաղութեան (տեսանիւթ)

Հակառակ Ազերպայճանի եւ անոր ռուս ու թուրք մեղսակիցներուն կողմէ Արցախի բնակչութեան պարտադրուող անխնայ շրջափակման, մեծերն ու փոքրերը կը դիմադրեն։

Ստեփանակերտի Աստուածամօր Հովանիի մայր տաճարին մէջ Շուշիի «Վարանդա» (Ֆիզուլի քաղաքի հայկական անուանումը) երգչախումբի մանկական եւ պատանեկան կազմերը տեսագրած են Սուրբ ծննդեան Աւետիսը` ի նշան խաղաղութեան, միասնութեան եւ արդարութեան վերականգնման:

Որքան կրնաք՝ տարածեցէք անոնց այս երգերը: Շնորհակալութիւն։

Սահակ Սուքիասեան