Լոս Անճըլըսի քաղաքապետուհի Քերըն Պաս եւ քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրիգորեան պաշտօնական գրութեամբ մը դիմած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին` կոչ ուղղելով անոր՝ օգնութեան հասնելու Արցախի ժողովուրդին:
«Մարդասիրական աղէտին պատճառը Արցախի ժողովուրդը պատանդ պահող միտումնաւոր շրջափակումն է` իրականացուած Ազերպայճանի բռնապետ Ալիեւի կողմէ, ռուսական զօրքերուն աջակցութեամբ: Այս անօրինական շրջափակման միջոցով երկու բռնապետութիւնները կ՛ուզեն պատժել Արցախը եւ Հայաստանը, որոնք համարձակած են տարածաշրջանին մէջ յառաջ տանիլ ժողովրդավարութիւնը եւ կայունութիւնը»,– նշած են նամակին հեղինակները՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ համարձակ գործողութիւններու բացակայութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ տարածաշրջանին մէջ Հայերու ցեղասպանութեան:
Նշենք, թէ նախապէս, Լոս Անճըլըսի հայկական համայնքի ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կատարած էին քաղաքապետարանին առջեւ` պահանջելով քայլերու ձեռնարկել Բերձորի միջանցքը բանալու եւ Արցախի շրջափակման վերջ դնելու ուղղութեամբ: