Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նախարար Արարատ Միրզոյեան Սամանթա Փաուըրին ներկայացուցած է շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը

 

Յունուար 6-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռանձայնային զրոյց ունեցած է ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սամանթա Փաուըրի հետ։

Միրզոյեան իր խօսակիցին ներկայացուցած է Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ազերպայճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհին՝ Բերձորի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը, յստակօրէն շեշտելով, թէ Պաքուի գործողութիւնները 120 հազար Արցախցիները ցեղային զտման ենթարկելու նպատակ կը հետապնդեն։

Ընդգծելով, որ Ազերպայճան կոպտօրէն կը խախտէ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները` Արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր համարած է միջազգային հանրութեան յստակ քայլերը՝ միջանցքի բնականոն աշխատանքը վերականգնելու եւ մարդասիրական աղէտը կանխելու ուղղութեամբ: