ԵԱՀԿ-ի մէջ ԱՄՆ-ու մնայուն ներկայացուցիչ Մայքըլ Գարփենթըր թուիթըրեան իր գրառումով անդրադարձած է Բերձորի միջանցքի փակման հարցին։
«ԱՄՆ մտահոգ է աւելի քան երեք շաբաթէ ի վեր տեւող Բերձորի միջանցքի խափանման կապակցութեամբ, որու հետեւանքով ստեղծուած է ծանր մարդասիրական իրավիճակ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Միջազգային Կարմիր Խաչ կազմակերպութեան այս ընթացքին կարեւոր օգնութիւն ցուցաբերելուն համար, սակայն կոչ կ՚ընենք Ազերպայճանին եւ Ռուսաստանին անյապաղ վերականգնելու միջանցքի ազատ երթեւեկը»,– գրած է ամերիկացի դիւանագէտը։